Petition updateBring back the paintings and relics of the Armenian Church of Sourp AsdvadzadzinՍտորագրահաւաք՝ Վերադարձնելու Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ժառանգութիւնը
Simon AynedjianNicosia, Cyprus
Oct 29, 2025

Gibrahayer Էլեկտրոնային հարթակը ձեռնարկած է ստորագրահաւաքի մը, վերադարձնելու Կիպրահայութեան ժառանգութիւնը՝ Նիկոսիոյ թրքագրաւեալ շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Աստուածածին Հայոց Եկեղեցւոյ սրբանկարները ու իրերը, որոնք այժմ կը գտնուին Քայրինիոյ բերդին մէջ։

Տասնամեակներ շարունակ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եղած է մեր համայնքի հոգեւոր կեդրոնը։ Հոն կատարուած են պատարագներ, ամուսնութիւններ եւ մկրտութիւններ, որոնք մաս կը կազմեն մեր ինքնութեան եւ հաւաքական յիշողութեան։

Անոնց անհետացումը բաց վերք մըն է մեր պատմութեան մէջ։

1963-ին, երբ Կիպրահայերը բռնի տեղահանուեցան Նիկոսիայէն, այս սրբանկարներն ու իրերը կորսուեցան եւ տասնամեակներ ետք յայտնուեցան Քայրինիոյ բերդին մէջ։

Ժամանակն է, որ վերադառնան իրենց տիրոջը՝ մեր համայնքին։

Կը հրաւիրենք բոլորին միանալու այս ստորագրահաւաքին՝ պահանջելու մեր ժառանգութեան վերադարձը։

Ձեր ստորագրութիւնը հոս https://c.org/GyHJFx5KS9 ՝ ձեր եւ մեր ձայնն է՝ մեր մշակոյթի, մեր պատմութեան եւ մեր հաւաքական յիշողութեան պաշտպանութեան համար։

https://c.org/GyHJFx5KS9
Սիմոն Այնէտճեան
Gibrahayer e-magazine
simon@cytanet.com.cy
29 Հոկտեմբեր, 2025
 

Copy link
WhatsApp
Facebook
Nextdoor
Email
X